ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՆ ԴԷՊԻ ԱՖՐԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԸ
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Բանակը ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ պաշարած է Աֆրինի յարակից տարածքները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ կարգը հասած է Աֆրինի կեդրոնի ահաբեկիչներուն։ Ան յիշեցուց, որ ցայսօր 700 քառակուսի քիլօմեթրէն աւելի տարածք մը ամբողջութեամբ մաքրագործուած է ահաբեկիչներէն։ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ յայտնեց, որ ԵՓԿ կը ջանայ արգելափակել քաղաքային ժողովուրդին Աֆրինէն դուրս գալը։ Բաց աստի, Մենպիչէն դէպի Աֆրին կը տեղափոխուին ԵՓԿ-ականները։ Բանբերը ընդգծեց, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առնուած են։
Բաց աստի, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները քննարկեցին արեւելեան Կութայի կացութիւնը։