ՏԷՐ-ՂԵՒՈՆԴԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆ

Երէկ, Երեւանի Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտական մասնաշէնքէն ներս գումարուած ժողովի ընթացքին Մատենադարանի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, որ մինչ այդ արդէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարի հանգամանքով կը գլխաւորէ կառոյցը։

Կը հաղորդուի, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները միաձայնութեամբ տնօրէնի պաշտօնը վստահած են Վահան Տէր-Ղեւոնդեանին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018