«Ս-400»ՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ Կ՚ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԻ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՎ

Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ «Ս-400» հրթիռներու հարցին շուրջ Թուրքիա կը գործէ իր շահերուն ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ ան ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիա իր շահերուն տեսակէտէ անհրաժեշտը կ՚ընէ, իր սեփական որոշումը կը կայացնէ եւ կ՚ընէ իր նախընտրութիւնը»։ Օքթայ նշեց, որ Թուրքիա որոշում կայացնելու ժամանակ կ՚առաջնոր-դըւի միայն սեփական շահերով։ «Որեւէ հարցի պարագային մանաւանդ, որ եթէ ստորագրութիւն դրած ենք, անհըրաժեշտը կ՚ընենք։ Թուրքիա յամառութիւն դրսեւորելու նման դիրքորոշում մըն ալ չունի», ըսաւ ան։  

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019