ԵՄ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ երկրի բարեփոխումներուն ու զարգացման։ Այս առաւօտ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ նախագահեց Հայաստանի կառավարութեան նիստին, որու ժամանակ բացատրութիւններ տուաւ դէպի Պրիւքսել վերջին այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ օրակարգ գոյութիւն չունի։ Փաշինեան յայտնեց, որ եւրոպական կողմին հետ քննարկման առած են քանի մը մեկանախագծեր։ Այդ մեծ նախագծերուն կապակցութեամբ վարչապետը ըսաւ.

«Մեկանախագծերու առաջին խումբը կը վերաբերի ճանապարհային եւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներուն։ Մեր նպատակն է, որ Հայաստանի ճանապարհները բերուին եւրոպական չափանիշներուն։ Ինչպէս նաեւ պէտք է կարեւոր որոշում առնենք Հիւսիս-Հարաւ ծրագրին շուրջ։ Յաջորդը՝ ջրամբարաշինութեան մեծ ծրագիրն է եւ ջուրերու կառավարման նոր համակարգի ներդրումը։ Կարեւոր է Սեւանայ լճի շուրջ եւ առնուազն Երեւանեան լիճ ձգուող ջուրերու մաքրման կայաններ եւ համակարգեր ստեղծելը։ Յաջորդ խնդիրները՝ դպրոցաշինութիւն իրականացնելն է, յատկապէս սիսմիք պաշտպանութեան առումով, ինչ որ կ՚իրականացնենք, բայց կարիք ունինք լրջօրէն ընդլայնել այդ ծրագիրը։ Ինչպէս նաեւ խնդիր ունինք արդարադատութեան ոլորտին մէջ լուրջ ծրագրեր իրականացնել։ Եւրոմիութեան գործընկերներուն հետ խօսելու ժամանակ ըսի, որ մեր բանտերու այսօրուան պայմանները չեն կրնար յարիր ըլլալ նոր Հայաստանի չափանիշներուն։ Մենք ունինք դատական նիստեր, որոնք տեղի կ՚ունենան միջանցքային պայմաններու մէջ եւ այդպէսով կը խաթարուի արդարադատութեան բովանդակութիւնը։ Այս բոլոր ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ ստացանք ԵՄ-ի աջակցութեան պատրաստակամութիւնը։ Սակայն կայ խնդիր մը, թէ ԵՄ պատրաստ չէ այդ ծրագրերու իրականացումը ընել հարիւր տոկոսով եւ կ՚ակնկալէ, որ լուրջ մասնակցութիւն ունենայ Հայաստանը։ Մեր խնդիրն է պետական եկամուտներու աւելացումը՝ վարչարարութեան միջոցաւ։ Այս համատեսքին մէջ կը կարեւորուի նաեւ արտաքին տեսքին ներգրաւումը եւ անոնց առաջնային թիրախը կը համարուին ենթակառուցուածքները»։

Հարկ է նշել, որ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի շփումներուն կապակցութեամբ երէկ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019