ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ԱՆՑՆԻԼ «ՅԱՋՈՐԴ ՄԱԿԱՐԴԱԿ»Ի

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Գրիգոր Յովհաննիսեան հարցազրոյց մը տուաւ The Jerusalem Post թերթին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հարցազրոյցին մէջ փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան կը դիտարկէ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալու հարցը։ «Հայաստան կը փափաքի, որ Իսրայէլ զէնք չվաճառէ Ատրպէյճանին, սակայն այս բանը նախապայման չի դներ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար», ըսաւ ան։ Դեսպանատուն բանալու պարագան կը համարուի առիթ, որպէսզի երկու երկիրներու կապերը անցնին «յաջորդ մակարդակ»։ Փոխ-նախարարի խօսքով, Հայաստան կը փափաքի, որ Իսրայէլն ալ փոխադարձաբար արձագանգէ եւ դեսպանատուն բանայ Երեւանի մէջ։

Հարցազրոյցի ընթացքին Գրիգոր Յովհաննիսեան մեկնաբանած է այն տուեալը, ըստ որու Իսրայէլ Ատրպէյճանի հիմնական զէնք մատակարարողն է։ Այս կապակցութեամբ ան նշած է, որ Հայաստան կ՚ողջունէ, եթէ Իսրայէլ վարուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու նման՝ զէնք չվաճառէ կողմերէն որեւէ մէկուն։ Յովհաննիսեան բացատրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ չկայ ռազմական լուծում, պէտք է ըլլայ միայն քաղաքական լուծում, սակայն Ատրպէյճանի զէնքի վաճառքը պատճառ կը դառնայ սպառազինութեան մրցավազքի։ Փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստանի ցանկութիւնն է, թէ իր գործընկերները իմանան՝ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելը դուրս է հասարակ գործարքի տրամաբանութենէն, ան կ՚ունենայ հետեւանքներ։

Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ցեղասպանութեան հարցին։ Այս կապակցութեամբ փոխ-նախարարը մեկնաբանած է այն հարցումը, թէ արդեօք Հայաստան հիասթափութիւն կ՚ապրի՞ Իսրայէլի կողմէ ցեղասպանութեան ճանչցուած չըլլալուն բերումով։ Փոխ-նախարարը նախընտրած է ներկայացնել իր անձնական կարծիքը։ Ան անձնապէս հիասթափուած է, բայց սա Հայաստանի կառավարութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշումը չէ։ Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ Հայաստանի անկախութեան տարիներու ընթացքին միջազգային ճանաչման թափը եղած է տպաւորիչ։

Գրիգոր Յովհաննիսեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի տնտեսական փոխադարձ շահերուն։ Ան յայտնած է, որ Հայաստան կ՚անդամակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ կրնայ դուռ մը ըլլալ Իսրայէլի ապրանքներուն համար՝ դէպի մեծ շուկայ։  

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019