Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ
Երեւանի «Պրիւսով» պետական լեզուաբանական համալսարանէն ներս այս առաւօտ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ բացուեցաւ Գոհար եւ Գէորգ Վարդանեաններու յիշատակին ձօնուած լսարանի բացումը։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուսաստանի դեսպանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, համալսարանի ղեկավարութենէն դէմքեր։
Հարկ է նշել, որ Գոհար եւ Գէորգ Վարդանեանները պատմութեան սեփականութիւնը դարձած են՝ որպէս յայտնի հետախոյզներ։
Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019