ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ իր աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իր ընկերակիցները Թիֆլիզի վրայով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերադարձան քաղաքս։ Իսթանպուլի օդակայանին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ պատուոյ սրահ, ուրկէ ալ՝ Գումգաբու։

Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ առնելէ առաջ տեսակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ, որ վերջին օրերուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց զինքը։ 

Շաբաթ, Մարտ 7, 2020