ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 2023 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ

Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2023 թուականի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փակ առաջնութիւն մըն էր այս մէկը, որ կազմակերպուեցաւ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ։

Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանէն ներկայացուցիչներ։ Խումբը գլխաւորեց Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպէր Էմմիեան, որու հետ էին մարզիչ Արսէն Պետրոսեան եւ երկու ցատկորդներ՝ Եանա Սարգսեան եւ Լեւոն Աղասեան։

Անցեալ շաբթուան գրեթէ ողջ տեւողութեան խումբը քաղաքիս մէջ էր եւ այս առթիւ առիթն ունեցանք զրուցելու Ռոպէր Էմմիեանի հետ։ Թէեւ Հայաստանը ներկայացուցած մարզիկները Իսթանպուլի մէջ չկրցան որեւէ մետայլ ապահովել, սակայն, Ռոպէր Էմմիեան համոզուած է, թէ մարզական կեանքի մէջ կրնան այսպիսի երեւոյթներ պատահիլ եւ անոնք միշտ լաւատես կը մնան ապագայի համար։ Ան մեզի յայտնեց, որ 36 տարիէ ի վեր մարմնամարզի բնագաւառին մէջ կը գործէ եւ շատ երկար տարիներէ ի վեր Պալքաններու ախոյենութիւններուն համար կ՚այցելէ Թուրքիա։ Ուստի, Իսթանպուլ հերթական այցելութիւնն ալ հետաքրքրական էր իրեն համար։

Ռոպէր Էմմիեան յայտնեց, որ Թուրքիա այս շրջանին դժուար օրեր կ՚ապրի՝ երկրաշարժին յաջորդած իրավիճակի մէջ։ Թէ՛ ինք եւ թէ ընդհանրապէս Հայաստանը այսպիսի կացութիւններու դժուարութեան խորաթափանց կը տիրապետեն՝ մանաւանդ 1988 թուականի երկրաշարժի ծանր հետեւանքներուն բերումով։ Ուստի, ան գնահատելի համարեց, որ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութիւնը այսպիսի բարդ իրավիճակի մը մէջ յաջողած է այս կազմակերպութիւնը գլուխ հանել։ Ան յայտնեց, որ իր մեծագոյն երազանքն է՝ իր մարզիկները տեսնել յաջողութիւններու մէջ եւ Հայաստանը ներկայացնել լաւագոյն ձեւով։ «Ես կողմնակից եմ, որ խնդիրները դրական մօտեցումներով լուծուին։ Ես մարմնամարզի անհատ մըն եմ եւ կը հաւատամ մարմնամարզի միացնող ոգիին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան, որ Իսթանպուլի մէջ մեր խումբը հիւրընկալեց», ըսաւ Էմմիեան։ Բաց աստի, ան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանին եւ մեր մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէրին, որոնք եւս իրենց կեցութեան օրերուն չզլացան հետաքրքրութիւնը եւ ջերմ վերաբերմունքը։

Հարկ է նշել, որ հայկական խումբին Իսթանպուլի մէջ ուղեկցեցաւ նաեւ Աշիլ Աղտէրէ։  

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023