ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան վերջերս Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Անիլ Չաուհանի հետ։ Զօրավար Ասըրեան, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալն է, Նիւ Տելհիի մէջ մասնակցեցաւ՝ համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներուն ձօնուած «Ռաիսինա» երկխօսութեան միջազգային տարեկան համաժողովին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու բարձրաստիճան զինուորականները քննարկեցին Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Անոնք անդրադարձան նաեւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն։

Նիւ Տելհիի մէջ կեցութեան օրերուն զօրավար Էտուարտ Ասըրեան մասնակցեցաւ նաեւ Հնդկաստանի անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմէն ներս տեղի ունեցած՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ Հայաստան-Հնդկաստան պաշտպանական համագործակցութեան շուրջ քննարկումներուն։ Այս փուլին ան ներկայացուց Հայաստանի դիմաց ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրները։

Հարկ է նշել, որ Նիւ Տելհիի մէջ կազմակերպուած նոյն միջազգային համաժողովին մասնակցած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ հանդիպում մըն ալ ունեցած էր Հնդկաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023