ՅԱՐԱՏԵՒ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Լաչինի միջանցքը եւ Արցախի շրջափակումը ուր որ է երեք ամիսէ ի վեր կը շարունակուի մարդասիրական ծանր հետեւանքներով։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ մտահոգութիւններն ալ հետզհետէ կը խորանան՝ մինչ յարատեւ լարուածութիւնը դուռ կը բանայ ծայրայեղ հաւանականութիւնները հաշուի առնելու։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի զօրքերու Արցախ ներթափանցումը, յարձակում իրականացնելը եւ զոհեր խլած արիւնալի դէպքերը կու գան վերահաստատել առկայ անհանգստութիւնները։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շաբաթավերջի արիւնալի դէպքերուն ժամանակ առաջին կրակը բացուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան աճին հետեւանքով։

Ստեղծուած բարդ իրավիճակին մէջ միջազգային շահագրգիռ դերակատարներու ուշադրութիւնն ալ կը շարունակուի տարածաշրջանին նկատմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ ձեռնարկած է տարածաշրջանային անդրանիկ այցելութեան։ Իր ուղեւորութեան առաջին կանգառը եղաւ Պաքուն, ուր ան երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը Պաքուէն անցաւ Երեւան, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լուիս Պոնոյի հետ զրուցելու ընթացքին Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, թէ գոհ է Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի օրերուն, վերջերս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներէն։ Ծանօթ է, որ այդ տեսակցութիւնը կազմակերպուած էր ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։ Ներկայ եղած էին թէ՛ Պոնօ եւ թէ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները։ Ալիեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Պլինքընի մշտական ջանքերուն համար։ Իր կարգին, Լուիս Պոնօ եւս նշեց, թէ Էնթընի Պլինքըն եւս Միւնիխի հանդիպումը արդիւնաւէտ կը համարէ։

Ամերիկացի դիւանագէտը տարածաշրջանային այցելութեան առաջին փուլին յայտարարեց, որ իր գլխաւոր նպատակն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնիլը եւ այդ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ի նպաստ երկու կողմերուն։ Ան ըսաւ, որ Երեւանի մէջ ալ շփումներ պիտի ունենայ եւ իր այցելութեան նպատակն է կողմերը երկխօսութեան հրաւիրել, նաեւ նպաստել մօտալուտ հանդիպման։

Ամերիկացի դիւանագէտի տարածաշրջանային ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Լաչինի միջանցքի շրջափակումով պայմանաւորուած ծանր իրադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Լուիս Պոնօ այս կապակցութեամբ Պաքուի մէջ ըսաւ. «Մենք կը հասկնանք Լաչինի ճանապարհին վերաբերեալ Ատրպէյճանի անվտանգութեան շահերը։ Բնականաբար, մենք կը հասկնանք բոլոր կողմերու անվտանգութեան շահերը»։ Ան աւելցուց, որ Միւնիխի մէջ Էնթընի Պլինքըն յայտնած էր իր դիրքորոշումը Լաչինի միջանցքին շուրջ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ։

Լուիս Պոնոյի առընթեր երէկ Պաքուի մէջ շփումներ ունեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ եւս ընդունուեցաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Քլաար Պաքուի մէջ յայտնեց, որ ԵՄ պիտի շարունակէ իր ներդրումը բերել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Բացի Քլաարի այս յայտարարութիւններէն, Եւրոմիութիւնը նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Արցախի շաբաթավերջի արիւնալի իրադարձութիւններուն համար եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դէպքը հարցաքննուի։

Պոնոյի եւ Քլաարի Պաքուի շփումներուն զուգահեռ՝ երէկ Երեւանի մէջ էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյ, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին վարչապետը ահաբեկչութիւն որակեց շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումը։ Ան շեշտեց, որ պէտք է անյապաղ կեանքի կոչել Արդարադատութեան միջազգային ատեանի դատավճիռը, որով կը պահանջուի Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անյապաղ վերաբացուիլը։

Բաց աստի, երէկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցան Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց բացատրութիւններ տրուեցան շաբաթավերջի դէպքերուն շուրջ։ 

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023