Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երեւանի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ իր հրաժարականը ընդունուած է Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Արթուր Պետրոսեան թէեւ մեծ յոյսերով պաշտօնի բերուած էր՝ հաշուի առնելով մանաւանդ իր միջազգային փորձառութիւնը։ Դժբախտաբար իր պաշտօնավարութեան շրջանին հայկական ընտրանին չկրցաւ հասնիլ ակնկալուած ոստումին։
Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018