ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ՝ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՕՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Մոսկուայի մէջ ժամադրուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած տեսակցութեան ընդառաջ Փաշինեան հարցազրոյցներ տուաւ ռուսական զանազան լրատուամիջոցներու։ Ան միշտ ընդգծեց, որ կը նախատեսէ Փութինի հետ քննարկել կողմերու ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան նշեց նաեւ, որ կողմերու դաշնակցային յարաբերութիւններու ապագան կախում չունի Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան արդիւնքէն։ Ան ռուսական լրատուամիջոցներուն յայտարարեց նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կրնան ապահովել կազմակերպել այնպիսի ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքը չի բողոքարկուիր։ Ան ռուսական մամուլին տուած հարցազրոյցներուն մէջ փորձած է նաեւ համոզիչ ըլլալ այն ուղղութեամբ, թէ զինուորականներու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորած է եւ Հայաստանի բանակի պարագային նախատեսուած լայնածաւալ բարեփոխումները պիտի իրականացուին ռուս գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութեամբ։

Ռուս մեկնաբաններ համոզուած են, թէ Փաշինեան Փութինի հետ այսօրուան հանդիպման ժամանակ պիտի ջանայ ապահովել ռուսական կողմի վստահութիւնը։

Յամենայնդէպս, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ընթացքը այս պահու դրութեամբ ներքին քաղաքական գործօնի մըն ալ վերածուած է Հայաստանի տեսակէտէ։ Քաղաքական գործիչները կը ջանան յաչս հանրային կարծիքին համոզիչ ըլլալ ռուսական կողմի հետ համագործակցութիւն ծաւալելու իրենց ընդունակութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, ժողովուրդը շատ լաւ կը պատկերացնէ, թէ այս պահուն Ռուսաստան սովորական ռազմավարական դաշնակիցէ մը շատ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունի Հայաստանի մէջ։

Միւս կողմէ, Փաշինեանի այսօրուան այցելութեան ընդառաջ, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով երէկ տեղեկացուց, որ վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի միջեւ, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցիլ եւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր մրցակիցը դառնալու ճանապարհին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021