ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ վերջին երկու օրերուն Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են անմիջական մթնոլորտի մը մէջ եւ ծաւալուն բովանդակութիւնով։ Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։ Հիւրընկալ երկրի պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Եգիպտոսի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Համտի Սանատ Լոզա։
Այս բանակցութիւններու եզրափակման առթիւ Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու առաջին փուլի արդիւնքները պիտի արժեւորուին եւ ըստ այդմ պիտի որոշուին ապագայ քայլերը։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, թրքական եւ եգիպտական պատուիրակութիւնները շօշափած են տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձած են Լիպիոյ իրադրութիւնը, Սուրիոյ տագնապը եւ Իրաքի կացութիւնը։ Կողմերը կանգ առած են նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարիքին վրայ։
Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ սկիզբ առած այս երկխօսութեան մթնոլորտին մէջ զանազան աղբիւրներ օրերէ ի վեր կը մատնանշեն Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շիւքրիի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութեան մասին։