ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երեւանի մէջ «Հրաչեայ Ղափլանեան» պետական տրամաթիք թատրոնէն ներս երէկ բեմադրուեցաւ «Չուչել» ներկայացումը։ Խաղը պատրաստուած է Վլատիմիր Ժելեզնիքովի «Խրտուիլակը» վէպի հիման վրայ։ Ներկայացման բեմադրիչն է Գրիգոր Խաչատրեան։ Գլխաւոր դերը վիճակած է դերասանուհի Էմմա Մանուկեանին։

Խաղին մէջ կը մարմնաւորուին 6-րդ դասարանի աշակերտներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը վառ անհատականութիւն մըն է, ունի կեանքի վերաբերեալ սեփական պատկերացումներն ու պահանջները, ձեւաւորուած արժեհամակարգն ու անձնական խնդիրները։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022