«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՓԼՈՎՏԻՒԻ ՄԷՋ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը պայրամի արձակուրդի օրերուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Փլովտիւը 2019 թուականին կը հանդիսանայ Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաքը, իբր այդ այնտեղ կը կազմակերպուին բազմակողմանի մշակութային ձեռնարկներ։ Այս ամբողջին մէջ, «Hello Armenian» երգի եւ պարի փառատօն մըն ալ կազմակերպուած էր Փլովտիւի մէջ։ Աշխարհի չորս կողմերէն աւելի քան տասն հայկական պարախումբեր, համոյթներ եւ հայ երգիչներ մասնակցեցան այս ծրագրին։ Փլովտիւի «Արաքս» խումբին կողմէ կազմակերպուած այս հայկական փառատօնը պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Ելոյթները տեղի ունեցան քաղաքի կեդրոնի հիմնական ամփիթատրոններէն մէկուն մէջ։

«Մարալ» համոյթը 33 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը մասնակցութիւն բերաւ այս փառատօնին։ Մարալցիները իսկապէս հերթական անգամ հանդէս եկան փայլուն յաջողութիւնով ու խոր տպաւորութիւն գործեցին հանդիսատեսներուն վրայ։ Տղաքը բուռն ծափահարութիւններու արժանացան Փլովտիւի մէջ, ուրկէ վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ այսպէսով «Մարալ»ը հերթական անգամ արձանագրեց ծափահարելի յաջողութիւն մը։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2019