ՅԱՏՈՒԿ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Հարկ է նշել, որ Նիկոլ Փաշինեան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կը մասնակցի 23-րդ Տնտեսական միջազգային ֆորումին։ Փաշինեանի եւ Փութինի երէկուան հանդիպման ներկայ գտնուեցան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ողջունելով Նիկոլ Փաշինեանը՝ Վլատիմիր Փութին ուրախութիւն յայտնեց զինքը տեսնելով Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Փութին մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Ռուսաստան Հայաստանի յառաջատար առեւտրատնտեսական գործընկերն է։ 26 տոկոսով բարձրացած է կողմերու միջեւ առեւտուրի ծաւալը։ Գրեթէ 2 միլիառ տոլարի հասած են ուղղակի ներդրումները։ Եւ այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալ բազմաթիւ հանգամանքներ, որոնք ցոյց կու տան կողմերու յարաբերութիւններու յատուկ, գործընկերային բնոյթը։ «Ուրախ եմ այսօր հնարաւորութիւն ունենալով հանդիպելու ձեզի հետ եւ խօսելու համալիր հարցերու շուրջ», ըսաւ Փութին։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Փութինի հետ հանդիպման առիթին կապակցութեամբ։ «Կը յուսամ, թէ մենք կը յաջողինք որոշ հարցերու պարագային հասնիլ այնպիսի որոշումներու, որոնք չեն կոտրեր տնտեսական աճի այս դրական թափը։ Կ՚ուզեմ ըսել, որ այս տարի մենք դրական աճ ունինք Ռուսաստանէն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւին իմաստով։ Եւ հիմա Հայաստանի մէջ ամէնուրեք՝ թէ՛ մայրաքաղաքի մէջ եւ թէ զբօսաշըր-ջային կեդրոններէ ներս կարելի է լսել ռուսական խօսք։ Շատ հաճելի է։ Ես միշտ անոնց հանդիպելու ժամանակ պարտադիր կը հարցնեմ, կը հետաքրքրուիմ, թէ ինչպէս իրենք կը զգան Հայաստանի մէջ։ Կ՚ուզեմ վստահօրէն ըսել, որ ռուս զբօսաշրջիկները Հայաստանի մէջ ինքզինքնին շատ լաւ կը զգան։ Եւ ակնյայտ է, որ աւելի ու աւելի շատ ռուս զբօսաշրջիկներ պիտի այցելեն մեր երկիրը։ Սա, ի հարկէ, հաճելի է, որովհետեւ կը կարծեմ, որ սա ոչ միայն տնտեսական հարց մըն է, այլեւ կ՚առընչուի մեր մշակութային, մարդասիրական կապերուն։ Նման շփումները, իմ կարծիքով, կը նպաստեն մեր քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններուն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին Փութին եւ Փաշինեան քննարկեցին հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի զանազան հարցեր։ Կողմերը մասնաւորապէս անդրադարձան տնտեսութեան զանազան ոլորտներէ ներս ապագայ համագործակցութեան, Միջկառավարական յանձնաժողովի ապագայի գործունէութեան վերաբերեալ հարցերու։ Ղեկավարները կարեւորեցին բարձր մակարդակով շարունակական շփումները եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու յառաջընթացը ապահովող հարցերու քննարկման պատրաստակամութիւնը։ Նշուեցաւ նաեւ աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս քննարկումներու շարունակման անհրաժեշտութիւնը։

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ խումբ մը ռուսահայ գործարարներու հետ։ Այդ հանդիպումը կազմակերպուած էր Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2019