ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԿՐԱԿ ԲԱՑԻՆ ՀԱՅ ՀՈՎԻՒԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Շաբաթավերջին հերթական դէպքը պատահեցաւ, հնչեցին կրակոցներ, բարեբախտաբար տուժողներ չեղան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Գեղարքունիքի մարզի Կութ գիւղին մէջ պատահած են դէպքեր, երբ հովիւի մը անասուններուն մէկ մասը գիւղի յարակից տարածքներէն ներս կ՚արածուէին։ Այդ ընթացքին անասունները մօտեցած են դէպի Ատրպէյճանի դիրքերը, իսկ հովիւը զանոնք ետ բերելու նպատակով փորձած է նոյնպէս մօտենալ այդ դիրքերուն։ Ատրպէյճանի զինուորները այդ պահուն կրակ բացած են հովիւին վրայ։ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները անմիջապէս մօտեցած են դէպքի վայր եւ այդ փուլին ալ Ատրպէյճանի կողմէ կրկին կրակ բացուած է։ Հայկական կողմի փոխադարձ գործողութիւններէն յետոյ կրակը դադրած է, կրակոցներու հետեւանքով տուժողներ չեն եղած, անասուններու մեծ մասն ալ վերադարձնել կարելի եղած է։

Ատրպէյճանի բանակը մայիսի 12-էն ի վեր Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն քանի մը ուղղութեամբ խախտած է Հայաստանի սահմանը եւ այս հարցը կը շարունակէ ներկայացնել հրատապ բնոյթ։ Բաց աստի, նոյնպէս շաբաթավերջին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը փորձած են ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել Հայաստանի Հան-րապետութեան տարածքէն ներս, սակայն հայկական ստորաբաժանումներու համապատասխան գործողութիւններով անոնք ժամանակին կանխուած են։ Ատրպէյճանի զօրքերը վերջին շրջանին այդպիսի քանի մը փորձ կատարած են՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս իրենց ապօրինի ներկայութեան զուգահեռ։

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021