ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները երէկ երեկոյեան Պալաթի «Օրախայիմ» հրէից հիւանդանոցին մէջ կազմակերպեցին իֆթարի սեղան մը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն աւանդական դարձած հաւաքոյթ մըն է այս մէկը եւ իսլամական աշխարհի Րամազանի շրջանին երէկ հերթական անգամ փայլուն դրսեւորում մը ունեցաւ Իսթանպուլի համակեցութեան մթնոլորտը։ Վերջին տարիներուն, փոքրամասնութիւններուն համար կա-տարուած բարեփոխումներու միջավայրը արժեւորելու տեսանկիւնէն՝ նման հաւաքոյթները միշտ ունեցան խրախուսական նշանակութիւն։ Այս տարուան իֆթարի սեղանի մթնոլորտն ալ համահունչ էր նոյն ոգիին։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին։ Ներկաներու շարքին էին Գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ, Եւրոմիութեան գծով նախարարութեան խորհրդական դեսպան Էնկին Սոյսալ, քաղաքի զանազան շրջաններէն քաղաքապետներ եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ՝ Սելինա Տողան եւ Մարգար Էսաեան, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ, Իսթանպուլի միւֆթի Ռահմի Եարան, շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչներով մասնակցեցան այս երեկոյթին։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատուոյ սեղանին շուրջ էր՝ Յունաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին, Հրէից Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւայի, Ասորիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինի, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի եւ այլ հոգեւորականներու առընթեր։ Բոլոր համայնքներուն կողմէ աշխարհական գործիչներ ալ ներկայ գտնուեցան հաւաքոյթին՝ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուեցելով թէ՛ իրարու հետ եւ թէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Լոլիթա Ասիլի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատէհ։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, որ անդրադարձաւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան առկախուած ըլլալու հարցին։ Արտայայտուեցան նաեւ Վասիփ Շահին եւ Ատնան Էրթէմ։ Մինչ այդ հրապարակուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ Փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչի պատգամները։
Երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր, իսկ աւարտին քրիստոնեայ, մահմետական եւ հրեայ հոգեւոր առաջնորդներ արտասանեցին աղօթքներ։