ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման բերումով ծնունդ առած բողոքի ալիքը երէկ թեւակոխեց նոր հանգրուան մը։ Երկու շաբաթ համբերելէ վերջ ոստիկանութիւնը երթեւեկութեան բացաւ Բաղրամեան պողոտան եւ այսպէսով Երեւանի կեդրոնին մէջ կեանքը յարաբերաբար վերադարձաւ բնականոն հունի։ Բազմատասնեակ ցուցարարներ տարուեցան ոստիկանութեան կեդրոն, իսկ աւելի վերջ ազատ արձակուեցան։
Այս մթնոլորտին մէջ, Բաղրամեան պողոտան թէեւ ազատուեցաւ, սակայն հակազդեցութեան ալիքը չհանդարտեցաւ եւ ցոյցը տեղափոխուեցաւ Ազատութեան հրապարակ։ Ցուցարարները երեկոյեան ժամերուն արդէն սկսան հաւաքուիլ այնտեղ, իսկ անոնցմէ ոմանք սկսան հացադուլի։ Համակարգող խումբի անդամներէն Դաւիթ Սանասարեանն ալ յայտարարեց հացադուլ ու կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որպէսզի միանան իրենց պայքարին։ Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Հինգշաբթի բողոքի հանրահաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Ազատութեան հրապարակին վրայ։