ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Հայկական սփիւռքէն ներս կը շարունակուին ընդհանուր արժեւորումները՝ Հայաստանի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի լոյսին տակ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան վերջերս այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Հայաստանի ընտրութիւնները եւ դէպի առաջ տանող մեր ուղին» խորագրուած է Նորին Սրբազնութեան խորհրդածութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նիւ Եորքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրը։

*

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները ներկայի մեր պատմութեան մէջ առաջին օրէն իսկ կը դիտուին որպէս անկիւնադարձային երեւոյթ։ Անցնող սեպտեմբերին կատարուած սարսափելի իրադարձութիւններէն ետք,  երկիրը անխուսափելիօրէն քաղաքական լարուածութեամբ վարակուեցաւ։ Եւ իրապէս, ընտրութիւններուն նախորդող շաբաթներուն քաղաքական մրցակցութեան հետ տիրող զայրոյթն ու եռանդը յաճախ անհանգստացնող ու մտահոգիչ դառնալ սկսան։ Բայց՝ լաւ կամ գէշ, քաղաքական լարուած մթնոլորտի այս երանգը մաս կը կազմէ ժողովրդավարական կեցուածքին, ինչ որ շատ ծանօթ է մեր սեփական մշակոյթին։ 

Յամենայնդէպս, աւելի մտահոգիչ է, որ նոյնիսկ հիմա, երբ աւարտած են Հայաստանի ընտրութիւնները, տիրող ժխտական ոգին կը շարունակուի եւ նահանջի նշաններ չեն պարզուիր: Մենք այդ բոլորը կը լսենք ու կը տեսնենք հեռուէն, մեր հայրենիքէն եկող լուրերուն ընդմէջէն: Մենք այդ մէկը կը զգանք նաեւ հո՛ս` Ամերիկայի մեր համայնքներէն ներս: 

Որպէս ամերիկացի քաղաքացիներ՝ մեր տեսանկիւնէն դիտելով, վերջին տարիներուն մենք ալ ականատեսները դարձած ենք այն վնասին, որ կրնայ անողոք պառակտումի եւ անվստահութեան հասցնել նման մթնոլորտը, նոյնիսկ մեր հասարակութեան նման մեծ հասարակութիւնը: Հայաստանի նման փոքր հասարակութեան մէջ այդ բացասական ու ժխտկան վերաբերմունքը կրնայ միայն աղէտալի արդիւնքներու հասնիլ:  

Ուստի անհրաժեշտ է, որ մենք՝ հայերս-ներառեալ աշխարհի բոլոր հայերը, գտնենք յառաջընթացի արդիւնաւէտ ուղի մը: Հակառակ անոր, որ մենք՝ սփիւռքահայերս չենք քուէարկեր եւ Հայաստանի քաղաքական կեանքին գործօն մասնակցութիւն չենք բերեր, մեր վարուելակերպը անխուսափելիօրէն իր ազդեցութիւնն է, որ կը ձգէ մեր ափերէն հեռու այն կողմ, մեր հայրենիքի ընկերային եւ հոգեւոր զարգացման ընթացքին վրայ: 

Այս իսկ պատճառով է, որ ես այս խօսքերը Արեւելեան թեմի մեր բոլոր հաւատացեալներուն կ՚ուղղեմ: Կը հաւատամ, որ պատմութեան այս պահը մեզի կոչ կ՚ուղղէ միասնական նպատակներով աշխատելու եւ, ամենէն առաջ, վերստին հետեւելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Այս ճգնաժամային պահուն, երբ մենք կազմալուծուելու եւ բաժան-բաժան ըլլալու փորձութեան առաջ ենք, մեր Տէրը մեզի կոչ կ՚ուղղէ աւելի բարձր բարոյական ըմբռնումներ իւրացնելու եւ սնուցանելու զանոնք համբերութեամբ, ազնուութեամբ, ունկնդրելու պատրաստակամութեամբ եւ մանաւանդ՝  նուիրումով եւ անձնազոհութեամբ:  

Վստահօրէն մեր հայրենիքին սպառնացող երեւոյթները շատ են։ Բայց անոնք նոյնը կը մնան  անկախ տիրող կառավարութենէն կամ կուսակցական խմբակցութենէն։ Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած մեծ խնդիրներն ու դիմագրաւելիք դժուարութիւնները կարելի չէ լուծել այս կամ այն խմբակին կողմէ։ Այդ բոլորը կարելի է միայն ու միմիայն համախմբուած ու միասնական աշխատանքով, ի մտի ունենալով համայն հայութիւնը։   

Աւելին՝ նման ճակատագրական հարցեր կարելի չէ լուծել առանց Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդող ուժին։ Այն մեծ ուժը՝ որ մեր պատմութեան ընթացքին մեզ առաջնորդած է մեր նախահայրերէն մեզի ժառանգ մնացած Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդին մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական որոշումներ տալու պահերուն։  

Կոչ կ՚ուղղեմ, որ բոլորս միասնաբար՝ ղեկավարներ եւ քաղաքացիներ, հայրենիքի թէ սփիւռքի հայեր, մեր հայեացքը բարձրացնենք ու ընդլայնենք մեր տեսադաշտը հեռու մնալով սահմանափակ, նեղ ու ճղճիմ վէճերէն, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք շատ աւելի մեծ նպատակի վրայ՝ Հայաստանի եւ Արցախի պահպանման եւ վերակառուցողական երկարամեայ ծրագրի մը վրայ:     

Աստուծոյ կամքով կարճ ժամանակի մէջ այս նախագիծը կրնայ ներառնել իշխանութեան բազմաթիւ անցումներ, կառավարման բազմաթիւ վարչակազմեր, իսկ աւելին, մեր ժողովուրդէն բարձրացող բազում ձայներ:  

Այսօր, ապագայ այդ սերունդին սիրոյն մենք պէտք է պայքարինք ընդդէմ բաժանումներու, յուսալքման ու բարոյազրկման, մարդիկ՝ որոնք ամէն տեսակի պատճառաբանութիւններով կ՚ուզեն խուսափիլ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ։ 

Ճիշդ ա՛յդ մարդոց, մե՛ր ժողովուրդին համար է, որ մենք պէտք է միանանք, համախմբուինք Հայաստանի ապագայի դրական հեռանկարով․ թէ՛ խօսքով եւ թէ մեր գործելակերպով վերստին աշխատանքի լծուինք, ապահովելու համար մեր հայրենիքի երկարամեայ բարեկեցութիւնը, խաղաղութիւնը եւ արժանապատուութիւնը:  

Վերջապէս, յանուն մարդկութեան, մասնաւորապէս յանուն մեր բոլորին, պէտք է յոյսով ու աղօթքով դիմենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին: Մենք պէտք է կարենանք արթնցնել այն խոնարհեցնող իրականութիւնը, որ որպէս փխրուն, անկատար մարդ արարածներ, մեր գոյութիւնը Աստուծոյ սիրող ձեռքերուն մէջ է։ Ա՛ն է, որ կեանքի իւրաքանչիւր փորձութեան ընթացքին մեզի հետ է: Հայ ժողովուրդը երբեք չի կրնար մոռնալ, որ Ան մեզ առաջնորդած է մեծ դժուարութիւններու ընթացքին. բառացիօրէն «մահուան ստուերի հովիտէն» մեզ առաջնորդելով: Ան դեռ մեզի հետ է եւ մենք պէտք է միաձայն աղօթենք Աստուծոյ՝ յոյսի միասնական ոգիով:   

Հայ ժողովուրդի ինքնութեան մնայուն կապը մեր կեանքին մէջ է եւ կը շարունակէ  ըլլալ Քրիստոսի Մարմնին մէկ մասնիկը։ Մարմնի Միասնականութեան այդ դերով է, որ մենք ուժ կը գտնենք բուժելու մեր բազմաթիւ պատմական վէրքերը, ո՛ւժը յաղթահարելու ներկայի դժուարութիւնները եւ նպատակի զգացումը՝ ոգեշնչելու մեզ՝ բոլորիս համար արժանավայել ապագայ մը ապահովելու։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021