ՏԵՒԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերու հատուածներէն 12 մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները խախտած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները։ Սա արդէն ինքնին լարուածութեան պատճառ մըն է, թէեւ Երեւանի ղեկավարութիւնը բաւական անտարբեր ընթացք մը որդեգրած է։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա գիւղի սահմանային հատուածէն ներս երէկ Ատրպէյճան փոխադարձ հրաձգութիւն հրահրած է։ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան բանբեր գնդապետ Սամուէլ Ասատրեան բացատրութիւններ տուաւ երէկ պատահած դէպքին շուրջ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի զօրքերը հրահրած են հրաձգութիւնը։ Հայկական կողմը ունի թեթեւ վիրաւոր մը։ Ատրպէյճան ունի երկու վիրաւոր զինուոր։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները հերքեցին այս տեղեկութիւնները՝ մանաւանդ Ատրպէյճանի վիրաւոր ունեցած ըլլալը։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի գրասենեակն ալ երէկ արձագանգեց այս դէպքին։ Այսպէս, Վերին Շորժայի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու երէկուան կրակոցները կ՚ապացուցանեն, որ անոնց ներկայութիւնը Հայաստանի սահմանային գիւղերու հարեւանութեամբ եւ ճանապարհներուն՝ բնակիչներու կեանքի իրաւունքի խախտում է։

Ըստ Թաթոյեանի գրասենեակի տեղեկութիւններուն, Ատրպէյճանի կրակոցները տեղի ունեցած են երէկ շուրջ 17.00-ի սահմաններուն։ Զանազան տրամաչափի զինատեսակներով, խտացեալ ձեւով անոնք թիրախաւորած են Հայաստանի զինեալ ուժերը։ Կրակահերթը տեւած է շուրջ 30 վայրկեան։ Թաթոյեանի գրասենեակը կը շեշտէ, որ այդ տարածքները Վարդենիս համայնքի արօտավայրերուն մաս կը կազմէ։ Այնտեղ կը գտնուին մարդոց բնակութեան վայրերը՝ սարատեղիները։ Գարնան, ամրան եւ աշնան ամիսներուն այդ տարածքներէն ներս մարդիկ կը բնակին ընտանեօք, երեխաներու հետ եւ կը զբաղին անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ։ Ատրպէյճանի կրակոցներու հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութիւնը այդ տարածքները կամ ընդհանրապէս չի կարողանար օգտագործել եւ կամ օգտագործումը խիստ սահմանափակուած կ՚ըլլայ։ Այդ տարածքներու պարագային համայնքներու բնակիչները ունին Հայաստանի պատկան մարմիններուն կողմէ տրամադրուած, օրինական փաստաթուղթերով հաստատուած իրաւունքներ։ Թաթոյեանի գրասենեակը պարզած է նաեւ, որ վերջին կրակոցները յստակ լսուած են սարատեղիներուն մէջ եւ Վերին Շորժա գիւղէն։

Երէկուան արարքները, որոնք վերջին շրջանին յաճախակիօրէն կը պատահին, ուղղուած են Հայաստանի բնակիչներու սեփականութեան եւ այլ կենսական իրաւունքներուն ու զանոնք կը զրկեն անասնապահութեամբ զբաղելու, ընտանիքի եկամուտ ապահովելու հնարաւորութենէն։ Այս բոլորը պատճառ կը դառնան, որ բնակիչներու ընկերային խնդիրները խորանան։

Բաց աստի, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Թաթոյեանի գրասենեակը պարզած է նաեւ, թէ Սիւնիքի մարզի Խնածախ գիւղին մէջ Ատրպէյճանի զինուորականները գողցած են երեք եղջիւրաւոր անասուն։ Անոնք Տեղ գիւղին մէջ ալ խոչընդոտած են ցորենի բերքահաւաքը։

Երբ այս լարուած ու մտահոգիչ կացութիւնը կը շարունակուի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասս վերջին օրերուն հերքած էր, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահածները կը համարուին միջադէպեր։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդհանուր քարտուղարին հետ կապ հաստատելով հակազդած էր այդ յայտարարութեան։ Երէկուան դէպքերու լոյսին տակ Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ սա Ատրպէյճանի արձագանգն է Սթանիսլաւ Զասսի յայտարարութիւններուն։

Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանն ալ սահմանի այս կացութեան շաբաթներէ ի վեր կը հանդուրժէ՝ հակառակ, որ ունի պայմանագրային պատասխանատուութիւններ։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութիւնը լուրջ մարտահրաւէրի մը վերածուած է Երեւան-Մոսկուա ռազմավարական դաշնակցութեան տեսակէտէ։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ առկայ թոհուբոհին մէջ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գծի ամբողջ երկայնքով հրադադարի դրութիւնը կը պահպանուի։ Ըստ յայտարարութեան, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ իրականացնել իր առաջադրանքները տարածքէն ներս։ Դիտարկման 27 կէտերու վրայ ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ՚իրականացնեն իրավիճակի վերաբերեալ եւ կը վերահսկեն հրադադարի պահպանումը։ Ռուս խաղաղապահները կ՚ապահովեն նաեւ քաղաքացիներու անվտանգ տեղաշարժը։

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս հաւանական դէպքերու կանխման ուղղեալ ջանքերը համակարգելու համար տեւական համագործակցութիւն հաստատուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւններու հետ։

Հայաստանեան զանազան լրատուամիջոցներ այսօր կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճան եւ Փաքիստան կրնան ՀԱՊԿ-ի հետ պաշտօնական գործընկերոջ կարգավիճակ ստանալ։ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ Փաքիստանի զօրքերը Ատրպէյճանի բանակին կողքին մասնակցած էին ռազմական գործողութիւններուն Արցախի դէմ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021