ԱՄՆ-Ի ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ

Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսսի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը համաձայն գտնուեցան, որպէսզի Ռոսս պաշտօնական այցելութիւն մը տայ Թուրքիա։ Այսպէս, յառաջիկայ սեպտեմբերին Ուիլպուր Ռոսսի գլխաւորութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը պիտի գայ Թուրքիա։

Նախարար Ռուհսար Փեքճան յայտնեց, որ Ռոսսի այցելութեան օրերուն կը նախատեսուին շարք մը ժողովներ՝ երկու երկիրներու զանազան հատուածներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Բնագաւառներու հիմքով ծաւալուն աշխատանք պիտի տարուի։ Թուրք եւ ամերիկացի գործարարներն ալ պիտի մէկտեղուին այս այցելութեան ծիրէն ներս։

Երկար ժամանակէ ի վեր Անգարա եւ Ուաշինկթըն կեդրոնացած են երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը բարձրացնելու ուղղեալ աշխատանքներու վրայ։ Ըստ Ռուհսար Փեքճանի, յառաջիկայ այցելութիւնը այդ աշխատանքներուն տեսակէտէ շօշափելի իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019