ՓՈՒԹԻՆ ՄՏԱՀՈԳ ԶԻՆՄԱՆ ՆՈՐ ԱՐՇԱՒԻ ՄԸ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարժումները տեղի կրնան տալ զինման անհակակշիռ արշաւի մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին համոզուած է, որ ԱՄՆ-ի՝ Միջին հեռահարութեամբ հիւլէական զօրքերու համաձայնութենէն դուրս գալը կը վտանգէ միջազգային անվտանգութիւնը։
Քրեմլինի մամուլի բաժանմունքին միջոցաւ Փութին յայտարարութիւն մը ըրաւ յիշեալ համաձայնութենէն ԱՄՆ-ի դուրս գալուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, այդ համաձայնութեան վերջ գտնելու պատասխանատուն ամերիկեան կողմն է։ Եթէ ԱՄՆ այդ համաձայնութիւնով արգիլուած հրթիռները սկսի վերստին արտադրել, ապա Ռուսաստանն ալ պիտի փոխադարձէ համապատասխան քայլերով։ Ըստ Փութինի, մինչեւ այդպիսի հրթիռներու արտադրութիւնը, Ռուսաստան հաւանական սպառնալիքներու դէմ իր անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորէ այլ հրթիռային համակարգերով։
Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ միջին ու կարճ հեռահարութեամբ հրթիռներու արտադրութեան պարագային Ռուսաստանի բոլոր քայլերը պիտի առնուին փոխադարձութեան հիմունքով։ «Այնտեղ, ուր ԱՄՆ միջին կամ կարճ հեռահարութեամբ հրթիռներ պիտի չտեղադրէ, մենք ալ պիտի չտեղադրենք», ըսաւ Վլատիմիր Փութին։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս ղեկավարը յոյս յայտնեց, թէ ԱՄՆ եւ իր դաշնակիցները աչալրջութիւն պիտի ցուցաբերեն միջազգային անվտանգութեան ապահովութեան ուղղութեամբ։ «Ռազմավարական կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար բանակցութիւնները պէտք է սկսին առանց յապաղման։ Մենք պատրաստ ենք», աւելցուց Վլատիմիր Փութին։