Աշխարհի Ամենաբարձրահասակ Ընձուղտը

Աւստրալիոյ կենդանաբանական պարտէզին մէջ բնակող ընձուղտը հռչակուած է աշխարհի ամենաբարձրահասակը ու արձանագրուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ։

Աւստրալիոյ Պիրուահ կենդանաբանական պարտէզին մէջ բնակող ընձուղտը նուաճած է աշխարհի ամենաբարձր կենդանի ընձուղտի տիտղոսը: «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքը հաստատած է, որ Ֆորեսթ անունով ընձուղտը, որ կը բնակի Քուինսլենտ նահանգի Պիրուահ աւստրալական կենդանաբանական պարտէզին մէջ, ան աշխարհի ամենաբարձրն է՝ գրեթէ 5.7 մեթր բարձրութեամբ։

Բաց աստի, Ֆորեսթ ծնած է 2007 թուականին։

«Ուրախալի իրադարձութիւն․ մեր սիրելի Ֆորեսթը ընդգրկուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ՝ որպէս այժմ ապրող ընձուղտներէն ամենաբարձրահասակը։ Մենք այնքան հպարտ ենք մեր բարձրահասակ տղայով, ան նաեւ ունի հրաշալի սիրտ մը», Facebook-ի մէջ գրած է յայտնի աւստրալացի բնագէտ, հեռուստալրագրող եւ բնութեան մասին բազմաթիւ շարժանկարներու հեղինակ Սթիվ Իրուինի դուստրը՝ Պինտի Իրուին։

 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020