Գտաւ Իր Բնակարանը…

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կատու մը 64 քիլօմեթր քայլած է, որպէսզի վերադառնայ տուն: Կարֆիըլտ անունով կատուի տէրերը՝ Նիըլ եւ Լեսա Փէյն, կատուն տուած են մէկ այլ ընտանիքի: Մէկ քանի շաբաթ վերջ երեք տարեկան կատուն փախած է նոր տէրերէն:

Մէկուկէս ամիս վերջ կենդանին եկած է իր նախկին տէրերու տունը: Փէյն նշած է, որ ընտանի կենդանին նստած էր դրան շեմին եւ կուլար:

Սկզբին բրիտանացիները չեն հաւատացած, որ այդ մէկը իրենց կատուն է, բայց կանչելով կատուն իր անունով՝ անոնք համոզուած են, որ ան Կարֆիըլտն է:

Միեւնոյն ժամանակ, տէրերը կը պնդեն, որ կատուն երբեք փողոց չէ ելած: Անոնք չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս կենդանին կրցած է գտնել տան ճանապարհը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020