ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ԱՒԵԼԻ ԱԶԴՈՒ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՀԱՄԱՐՈՒԻՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ մտահոգիչ պատկեր մը պարզել։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ, Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 54 հազար 494 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1153 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 14 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ բուժուածներու թիւը եղաւ 1040։ Ներկայ դրութեամբ 580 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ այժմու տուեալներէն որեւէ մէկը վաղուան կամ յաջորդ շաբթուան համար երաշխիք մը չ՚ընծայեր։ «Լաւ լուրեր կրնանք ունենալ, եթէ խստիւ հետեւինք նախազգուշական միջոցներուն», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարարը շեշտեց, որ երկրի հիւանդանոցներու տարողութիւնը բաւարար է վարակեալները դարմանելու համար եւ չկայ որեւէ քաղաք, ուր հիւանդանոցները հասած ըլլան իրենց սահմանին։

Միւս կողմէ, զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը շարունակեն արձագանգ հանդիսանալ մասնագէտներու տեսակէտներուն եւ ցուցմունքներուն՝ համավարակի դէմ աւելի ազդու ձեւով պայքարելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կը մատնանշուի հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ խտացումներու կանխուիլը։ Այս նպատակով խորհուրդ կը տրուի աշխատողներու տարբեր ժամերով գործի ներկայանալը։ Նոյն ծիրին մէջ կը մատնանշուի միջքաղաքային ուղեւորութիւններու հակակշռի տակ առնուիլը։ Կը յանձնարարուի նաեւ քննութիւններու վերաբերեալ քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկել։ Մասնագէտները խորհուրդ կու տան քննութիւն կատարել մանաւանդ այն անձերուն համար, որոնք գործի բերումով յաճախակիօրէն կը շփուին մարդոց հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020