ԽԵԼԱՑԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Խելացի ճանապարհ, որ կը մաքրէ ձիւնն ու սառոյցը։ Այսպէս, պրուղիի շերտի տակ գտնուող մետաղեայ ցանցը, ցուցիչներու շնորհիւ, կը կանխատեսէ ձիւնի կամ սառոյցի յառաջացումը եւ վայրկեաններու ընթացքին կը տաքցնէ կպրուղին: Սոյն խելացի ճանապարհի ջեռուցման համար լրացուցիչ շերտը մշակուած է իսրայէլական SAN Hitech ընկերութեան կողմէ: Նոր փորձագիտական ցանցը ուղղակի կը տեղադրեն կպրուղիի շերտի տակ, իսկ արդէն շահագործման յանձնուած ճանապարհներուն ճարտարագէտները կը փափաքին հատուածական կտրելով կպրուղին զայն տեղադրել։ Այս համակարգի ստեղծողները կը պնդեն, որ ապագային ան գրեթէ չի պահանջեր փորձագիտական սպասարկում. հաշուարկումը ինքնուրոյն կը համեմատէ ջերմաստիճանի տուեալները եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը սկսի տաքցնել ծածկոյթը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020