Ծառէն Կախուած Վրաններ

Պելժիոյ մէջ զբօսաշրջիկներուն կ՚առաջարկուի հանգստանալ ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ»։

Պելժիոյ Լիմպուրկ նահանգին մէջ զբօսաշրջիկները կրնան ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ» հանգստանալ։

Կաթիլի տեսքով այս վրանները ի սկզբանէ հոլանտացի արուեստագետ Տրէ Վափենաարի կողմէ ստեղծուած եւ «Pit Landscape art» փառատօնին մաս կազմած է։ Այժմ զբօսաշրջիկները մինչեւ սեպտեմբերի 30-ը կրնան իրենց հանգիստը նման վրաններու մէջ անցընել։

Բաց աստի, վրանները պատուհաններ, ներքնակ, նստատեղ եւ իրերու պահման վայր ունին, անոնք Հեքս ամրոցի մօտակայքին տեղակայուած են։

Զբօսաշրջիկները կրնան օգտուիլ նաեւ մօտաւորապէս 200 մեթր երկարութիւն ունեցող երկու հեծանիւի ուղիներէն, որոնք դէպի լճակ կը տանին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020