Ճաբոնի Մէջ Արտակարգ Շէնքեր

Ճաբոնի մէջ բարձրայարկ գրասենեակային շէնքերէն մէկուն մէջէն մայրուղի կ՚անցնի։ Այսպէս, Gate Tower Building անունով շինութիւնը Ճաբոնի Օսաքա քաղաքի բարձրայարկ գրասենեակային շէնքերէն մէկն է, զայն եզակի կը դարձնէ անոր մէջէն անցնող մայրուղին։ Շէնքը ունի երկմիջուկ կառուցուածք՝ կլոր լայնանիստ կտրուածքով։ 16 յարկանի բարձրայարկ շէնքի մէջէն անցնող մայրուղին չի խանգարեր շինութեան մէջ աշխատող մարդիկը։

Բաց աստի, վերելակները կը գտնուին շէնքի կողային հատուածին վրայ, իսկ մայրուղին չի դպչիր շինութեան, որ մեկուսացած է աղմուկէն։

Հինգերորդէն մինչեւ եօթներորդ յարկերը հասանելի չեն վերելակի համար, քանի որ զանոնք կը գործածէ «արտասովոր վարձակալը»։

Gate Tower շէնքը ներկայիս TKP գիտաժողովներու եւ միջոցառումներու կազմակերպման ծառայութիւններու ընկերութեան գլխամասային գրասենեակն է։

Միւս կողմէ, Ճաբոնի մէջ ստեղծած են տուներ, որոնք կրնան երկրաշարժի ընթացքին երկրի մակերեսէն քանի մը սանթիմեթր բարձրանալ ու գտնուիլ այդ դիրքին մէջ՝ մինչեւ երկրաշարժի ցնցումներու աւարտը:

Այս փորձագիտութիւնը մշակուած էր դեռ նախորդ տասնամեակի ընթացքին, սակայն անոր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրուած է երկրի մէջ տեղի ունեցած 2011 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ:

«Air Danshin Systems Inc.» ընկերութեան կողմէ մշակուած համակարգը ունի հզօր օդային բարձիկ, որ հնարաւորութիւն կու տայ տունին, անհրաժեշտութեան պարագային, բարձրանալ գետնէն ճիշդ ժամանակին:

Զգայուն սենսէօրը կրնայ նախապէս յայտնաբերել երկրաշարժի գործունէութեան սկիզբը: Ան կու տայ ազդանշան, որ կ՚աշխատցնէ օդային պառկիկները։ Մինչ այդ, ընդամէնը քանի մը վայրկեան կը պահանջէ, որպէսզի բարձիկը լեցուի օդով, որ կը գտնուի տան եւ անոր հիմքի միջեւ:

Բարձիկի հաստութիւնը քանի մը սանթիմեթր է, բայց ան լիովին բաւարար է երկրաշարժի վնասէն խուսափելու համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020