Ստորջրեայ Թանգարան

Յունաստանի մէջ բացուած է ստորջրեայ թանգարան մը։ Յունական առաջին ստորջրեայ թանգարանը բացուած է Ալոնիսոս կղզիի մօտակայքին՝ Եգէական ծովու արեւմտեան շրջանի մասին մէջ, ուր Ն.Ք. 425 թուականին խորտակուած էր գինիի հազարաւոր սափորներ տեղափոխող նաւը:

Օգոստոսի սկիզբէն մինչեւ հոկտեմբեր թանգարանը հասանելի կը դառնայ սուզակներու համար, յետագային ան այցելուներուն համար բաց կ՚ըլլայ մշտապէս․ բացման արարողութեան ժամանակ ըսած է Յունաստանի Մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Լինա Մենտոնի:

Մենտոնի յայտնած է նաեւ, որ ան Յունաստանի առաջին ստորջրեայ հնագիտական յուշարձանն է, որ հասանելի կը  դառնայ հանրութեան համար:  

Ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ Ն.Ք. 425 թուականին կործանուած առեւտրային նաւը, որ, հաւանաբար, յունական էր, 3500 գինիի սափորներ կը տեղափոխէր: Խորտակուած նաւը 1985 թուականին յայտնաբերած է տեղւոյն ձկնորսներէն մէկը:

Բաց աստի, սուզակները կրնան սուզուիլ փոքր համակարգիչի հետ՝ պնակիտ միասին, որուն մէջ տեղեկութիւն կը գտնուի հնագիտական յայտնագործութեան մասին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020