ԱՌԱՋԻՆ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿԸ ԱՐԴԷՆ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒԱԾ
Ամերիկեան Apple ընկերութեան 7-րդ սերունդի iPhone-ի առաջին խմբաքանակը, ըստ չինական լրատուամիջոցներու, արդէն արտահանուած է այլ երկիրներ: Մատակարարուած գրպանի հեռաձայններու ընդհանուր թիւը 371 հազար է: 84 հազար 700 հեռախօսէ բաղկացած առաջին խմբաքանակը, որ կշռած է 46.7 թոն, Սեպտեմբեր 2-ին ուղարկուած է Սինչժենի նաւահանգիստէն: Սեպտեմբեր 5-ի դրութեամբ այլ երկիրներ ուղարկուած iPhone 7-ի ընդհանուր քանակը կազմած է 371 հազար օրինակ:
Յայտնի է, որ գրպանի հեռաձայններու արտահանման հիմնական ուղղութիւնները եղած են Միացեալ Նահանգներ, Մեծ Բրիտանիա, Հոլանտան եւ Իտալիա:
Կ՚ենթադրուի, որ iPhone 7-ի շնորհանդէսը կայանայ Սեպտեմբեր 7-ին:
Նոր iPhone-ը հասանելի պիտի ըլլայ հինգ տարբեր գոյներով՝ վարդագոյն, ոսկեգոյն, արծաթագոյն, մոխրագոյն եւ սեւ:
Անոնք կ՚ունենան 32, 128 եւ 256 ճիկապայտ ծաւալով ներքին յիշողութիւն, մինչդեռ օփերաթիւ յիշողութեան ծաւալն է 2 ճիկապայտ։ Սակայն iPhone 7 Plus-ի պարագային այդ ցուցանիշը կը հասնի 3 ճիկապայտի:
Բացի այդ, կը բարելաւուին գրպանի հեռաձայնի տեսախցիկի թեքնիկ որակները: Հեռախօսը ջրակայուն է, զրկուած ականջակալներու միացման համար նախատեսուած անցքէն: