61 ՏԱՐԻ ԱՆՑ… ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

6-7 Սե­պետմ­բեր 1955 թուա­կա­նին պա­տա­հած դէպ­քե­րուն 61-րդ տա­րե­լի­ցը վեր­ջին օ­րե­րուն նշուե­ցաւ՝ ա­ռար­կայ դառ­նա­լով հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թեան։ Այս շրջագ­ծով ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան ո­գե­կոչ­ման եր­կու ձեռ­նարկ­ներ։

Կա­լա­թա­սա­րա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ ցոյց մը։ Սա­կա­ւա­թիւ մաս­նա­կից­նե­րով այս հան­րա­հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պուած էր «Ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եւ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան դէմ DurDe! հար­թակ»ին կող­մէ։ Ցու­ցա­րար­նե­րը յար­գան­քով վեր­յի­շե­ցին  6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով տու­ժած­նե­րը։ Յա­նուն կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Ի­տիլ Էօ­կիւթ, որ շեշ­տեց, թէ դժբախ­տա­բար դար­ձեալ կը շա­րու­նա­կուի այն մտայ­նու­թիւ­նը, որ կանգ­նած էր 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րու ե­տին։ Ցու­ցա­րար­նե­րուն ա­նու­նով հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ պա­հան­ջուե­ցաւ, որ պե­տու­թիւ­նը նե­րո­ղու­թիւն խնդրէ 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով տու­ժած­նե­րէն ու ժամ ա­ռաջ կա­սե­ցուին ցե­ղա­պաշ­տա­կան ու խտրա­կա­նա­կան քայ­լե­րը։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ շեշտուե­ցաւ նաեւ, թէ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պէտք է ըն­դու­նուին որ­պէս հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցի­ներ։ Շեշ­տուե­ցաւ նաեւ, թէ 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րը միա­տարր ազգ մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղեալ ծրագրին մաս կը կազ­մէին։

Իսկ ե­րե­կո­յեան, 4. Լե­ւեն­տի «Քա­րան­լըք իշ­լէր» սթիւ­տիո­յին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոյն առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ու­րիշ ձեռ­նարկ մը։ 61 տա­րի անց 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րուն մա­սին կազ­մա­կեր­պուած էր ա­սու­լի­սի ձե­ւա­չա­փով ե­րե­կոյթ մը։ Լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ռըտ­վան Ա­քա­րի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին յի­շա­տակ­ներ փո­խան­ցե­ցին Լա­քի Վին­կաս եւ Մե­րի Չե­ւիք-Սի­միո­նի­տիս։ Ռըտ­վան Ա­քար, որ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ ծա­ւա­լուն հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ ու­նի, փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ճոխ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց օ­րուան նիւ­թին շուրջ։

Ձեռ­նար­կի հե­տաքրք­րա­կան փու­լե­րէն մին էր 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի թա­լա­նի մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կուն հետ կա­տա­րուած ձայ­նագ­րու­թեան ունկնդ­րու­թիւ­նը։ 

Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան յու­նա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ մեկ­նա­բա­նեց մե­ներ­գիչ Վա­սի­լի­քի Փա­փաեոր­կիու։

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016