ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ այս երկուշաբթի պիտի սկսի եռօրեայ միջազգային համաժողով մը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» կը կոչուի այս համաժողովը, որուն ընդառաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Մեր տարածաշրջանը՝ Հարաւային Կովկասը, որ պատմականօրէն գտնուած է մշակութային եւ խոշոր առեւտրային ուղիներու հատման կէտին, այսօր կանգնած է կարեւոր խաչմերուկի մը վրայ։ Տարածաշրջանը բախուած է հսկայական ցնցումներու՝ ներառեալ այնպիսի իրադարձութիւնները, որոնք ազդած են մարդկային կեանքի, ընդհանուր տնտեսական զարգացման, ներկայի եւ ապագայի վրայ։ Մենք այս պահուն պատմական փուլի մէջ ենք՝ աւելի խաղաղ, ապահով եւ բարեկեցիկ ապագայի ճիշդ ընտրութիւն կատարելու, ճիշդ ճանապարհով ընթանալու իրական հնարաւորութեամբ»։
«Երեւանեան երկխօսութիւն»ը կը համախմբէ աշխարհի զանազան երկիրներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, փորձագէտներ, գիտնականներ եւ այլ հիւրեր։ Հայկական դիւանագիտութիւնը առաջին անգամ այս ծաւալով միջազգային համաժողով մը կը կազմակերպէ։ Ուստի, եզակի այս հաւաքոյթի հարթակին վրայ խորհրդածութիւններով հանդէս պիտի գան աւելի քան ութսուն երկրէ եւ կազմակերպութիւններէ հրաւիրեալներ, որոնք դիւանագիտութեան, քաղաքականութեան, գործարար գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու առաջնորդներ կամ մասնագէտներ կը համարուին։ Համաժողովը հարթակ կ՚ապահովէ հնչեցնելու թիրախային հարցումներ, տարբեր կարծիքներ ու համադրուած պատասխաններ՝ կայուն լուծումներու որոնման ճանապարհին։
Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ երկխօսութիւնն ու բաց քննարկումները իւրայատուկ միջոց կը համարուին, ուստի, կ՚ակնկալուի բոլորի աշխոյժ մասնակցութիւնն ու ներդրումը՝ նպատակ ունենալով հասցէագրել մերօրեայ հրատապ խնդիրները՝ «Ապագան կառուցելով այսօր», ինչ որ ձեռնարկի կարգախօսն է։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան նշեց, որ համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին աշխարհաքաղաքական, տնտեսական, թուային աշխարհի եւ այլ խնդիրներ։ Ֆորումին պիտի մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներէ նախկին կամ ներկայ պաշտօնավարներ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ։ Այս վերջիններու շարքին են՝ Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարը, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալը, Լիւքսեմպուրկի փոխ-վարչապետը, Լիթվայի նախկին նախագահը, Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարը, ինչպէս նաեւ զանազան վերլուծական կեդրոններու ղեկավարներ։