ԱՔԱՐԻ ՊԱՔՈՒԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Սպա­յա­կոյ­տի ընդ­հա­նուր նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գծով Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­ջակ­ցիլ Ատր­պէյ­ճա­նին։ Ա­քա­րի հա­մա­ձայն, Թուր­քիա կ՚ակն­կա­լէ, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը Ղա­րա­բա­ղի խնդրի կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ Ուք­րայ­նոյ հան­դէպ մօ­տե­ցու­մին նման դիր­քո­րո­շում մը ցու­ցա­բե­րէ։

Հարկ է նշել, թէ Հու­լու­սի Ա­քար Պա­քուի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Ա­նոնք քննե­ցին թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ զա­նոնք ամ­րապն­դե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը։ Ա­քար նաեւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց յա­ճախ կազ­մա­կեր­պուող թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան միա­ցեալ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015