ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան եր­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը, որ կազ­մա­կեր­պուած է Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու եւ ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րու շրջագ­ծով։

Այս առ­թիւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Ան ը­սաւ, թէ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը կո­րուս­տէ փրկե­լը, զայն դաս­դա­սե­լը, ճշգրտե­լը, հա­շուա­ռե­լը ճար­տա­րա­պետ­նե­րու խնդիրն է։ «Աշ­խար­հով մէկ սփռուած մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը պէտք է հա­շուա­ռենք եւ շտե­մա­րան ստեղ­ծենք։ Նաեւ կը դի­մեմ Սփիւռ­քէ ե­կած իմ հայ­րե­նա­կից­նե­րուս՝ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով օգ­տուին նաեւ տար­բեր եր­կիր­նե­րու յա­ռա­ջա­դի­մա­կան փոր­ձէն», ը­սաւ Յա­կո­բեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Մկրտիչ Մի­նա­սեան, Շի­նա­րար­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ, Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ շի­նա­րա­րու­թեան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Գա­գիկ Գալս­տեան, Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու եւ ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ Գո­հար Թիւ­թիւն­ճեան։

Ե­րէ­կի ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին կնքուե­ցաւ նաեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան քա­ռա­կողմ յու­շա­գիր մը։

Հա­մա­ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տան­քը կը շա­րու­նա­կէ լիա­գու­մար նիս­տե­րով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015