ԸԼԼԱԼ ՇԱՐԺԻՉ ՈՒԺ

Հա­յաս­տա­նի նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ իր անդ­րա­նիկ նիս­տը գու­մա­րեց ամ­բող­ջա­կան կազ­մով։ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի հեր­թա­կան ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը դի­մա­ւո­րեց կա­ռա­վա­րու­թեան մուտ­քին եւ ան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Այս առ­թիւ Սարգ­սեան շեշ­տեց, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ երկ­րի շար­ժիչ ու­ժը, շի­նա­րա­րը։ «Նա­յե­ցէք ա­ռաջ, հար­ցե­րու ժա­մա­նակ մի փոր­ձէք ա­նոնց ար­մատ­նե­րը տես­նել ան­ցեա­լի մէջ։ Սա ա­մե­նա­դիւ­րինն է։ Միշտ պէտք է գտնել յա­ռաջ եր­թա­լու ու­ղի­նե­րը։ Սա է միայն յաղ­թա­նա­կի բա­նա­ձե­ւը եւ ես վստահ եմ, որ մեր միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քը պի­տի ա­պա­հո­վէ յա­ջո­ղու­թիւն», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րով երկ­րէն ներս գործ­նա­կա­նօ­րէն սկսած են հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։ Այս տե­սան­կիւ­նէն ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը լուրջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը կը ստանձ­նէ, որ­պէս­զի դառ­նայ այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շո­գե­քար­շը։ Կա­ռա­վա­րու­թեան վի­ճա­կած է դառ­նալ այս ան­ցու­մա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­ռաջ­նոր­դը։ «Ես կը հա­ւա­տամ ձեր ու­ժե­րուն, կը հա­ւա­տամ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան այս կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրնայ ը­նել այն, ինչ որ նախ­կին բո­լոր կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը ը­նել չեն յա­ջո­ղած», մատ­նան­շեց ան։ Եւ ընդգը-ծեց, որ արտաքին բացասական ազդակներով հան­դերձ զարգացում պէտք է ապահովել երկրի տնտե­սութեան համար։

Սերժ Սարգ­սեան այս ե­լոյ­թէն վերջ հրա­ժեշտ ա­ռաւ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն եւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016