ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՌԱՆՁԻՆ ՊԻՏԻ ՄՏՆԷ ՍՈՒՐԻԱ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին առընթեր, երկու նախագահները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին Եփրատի արեւելքին ստեղծուիլը նախատեսուած անվտանգ գօտիի վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն վրայ։ Նախագահ Էրտողան անվտանգ գօտիի մը ստեղծուիլը անհրաժեշտ նկատեց՝ ՓՔՔ-ԵՓԿ-էն ծագած ահաբեկչական սպառնալիքի յաղթահարման եւ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիներու վերադարձին համար։ Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա վճռակամ է Սուրիոյ մէջ պայքարը շարունակել նաեւ ԻՇԻՊ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ եւ այս ուղղութեամբ բոլոր նախազգուշական միջոցները ձեռք պիտի առնէ։ Նախագահ Էրտողան Տանըլտ Թրամփի հետ բաժնեց նաեւ թրքական կողմի անհանգստութիւնները, որոնք ծնունդ կ՚առնեն ամերիկեան զինուորական եւ անվտանգութեան դիւանակալութեան՝ երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով հանդերձ անհրաժեշտի չկատարման պատճառով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տանըլտ Թրամփի հրաւէրին վրայ երկու ղեկավարները որոշեցին յառաջիկայ ամիս Ուաշինկթընի մէջ ունենալ հանդիպում մը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ Թուրքիա կը նախատեսէ Սուրիոյ հիւսիսին իրականացնել գործողութիւններ, որոնք ԱՄՆ-ի կողմէ պիտի չպաշտպանուին եւ ամերիկեան կողմը մասնակցութիւն պիտի չբերէ անոնց։

Ուաշինկթընի աղբիւրները կ՚ընդգծեն, որ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր Սուրիոյ հիւսիսին գործողութիւններ կեանքի կոչելու կը պատրաստուէր եւ այդ բոլորը մօտաւոր ապագային պիտի կատարուին։ Ըստ նոյն յայտարարութեան, ԻՇԻՊ-ի պարտութեան մատնուելէն վերջ ամերիկեան զօրքերը այլեւս տարածքաշրջանէ ներս ուղղակի մասնակցութիւն պիտի չբերեն գործողութիւններուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019