ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Զուիցերիա։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սերպիա, ուր ծրագիրը աւարտելով անցաւ Զուիցերիա։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ, նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Կիլիկեան Աթոռի գահակալն ալ շարք մը ժողովներու մասնակցելու համար կը գտնուի Ժընեւի մէջ։ Նախագահ Սարգսեան եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս զրուցեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը եղաւ նախագահ Սարգսեանի ճաշի հիւրը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019