ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Սփիւռքահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էռնէքեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Էտուարտօ Էռնէքեանի հետ այցելեց «Հայաստանի հողեր» փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնտեսութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Էտուարտօ Էռնէքեանին պատկանող արտերը կը գտնուին Արմաւիրի մարզի Բաղրամեան շրջանի Արեւաշատ գիւղին մէջ։ «Թիէռաս տէ Արմենիա» կ՚անուանուին նաեւ Էտուարտօ Էռնէքեանի պատկանող արտերը, ուր Նիկոլ Փաշինեան եւ յայտնի գործարարը կատարեցին շրջայց մը։ Անոնք մասնաւորապէս տեսան այգիները եւ գինեգործարանը։ Շրջայցի ընթացքին վարչապետին ներկայացուեցան այգիներու մշակման եւ ոռոգման փորձագիտութիւնները, խաղողի վերամշակման, գինիի արտադրութեան գործընթացները։ Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացաւ նաեւ բերքահաւաքի ընթացքին, հանդիպեցաւ բերքահաւաքով զբաղած աշխատակիցներուն, զրուցեց անոնց հետ։

Այս շրջայցէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Էտուարտօ Էռնէքեան ունեցան առանձնազրոյց մը, որու ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի յառաջընթացի, տնտեսական զարգացման, ներդրումային ծրագրերու իրականացման եւ այլ շարք մը հարցերու շուրջ։ Վարչապետը նշեց, որ տպաւորուած է «Հայաստանի հողեր» տնտեսութեան կազմակերպուածութիւնով եւ բարձր գնահատած է արժանթինահայ գործարարի ներդրումը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, հայկական գինեգործութեան մէջ փորձագիտութեան եւ որակական նոր չափանիշներ, նոր մշակոյթ ստեղծելու ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ «Հայաստանի հողեր» տնտեսութեան ծիրէն ներս կը մշակուին շուրջ 400 հեքթար այգիներ։ Այնտեղ հասցուած խաղողը ըստ էութեան կ՚օգտագործուի գինիի արտադրութեան համար։ Ոռոգումը ամբողջութեամբ կ՚իրականացուի կաթիլային համակարգով, թրաքթէօրները եւ միւս սարքաւորումները յագեցած են ժամանակակից փորձագիտութիւնով։ Հիմնական եւ ժամանակաւոր աշխատակիցներու թիւը կը կազմէ 350։ Այգիներէն ներս կը մշակուի 32 տեսակ խաղող, հիմնականին մէջ միջազգային տեսակներ, կան նաեւ տեղական տեսակներ։ Արտադրանքի կէսը կը սպառի Հայաստանի մէջ, իսկ միւս կէսը կ՚արտահանուի դէպի Ռուսաստան, եւրոպական երկիրներ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, Չինաստան։ Այս տարի ընկերութիւնը կը ծրագրէ արտահանման ծաւալը հասցնել մինչեւ 700 հազար շիշ գինիի։ Այս տնտեսութեան ընդհանուր հողատարածքը կը կազմէ 2301 հեքթար։ Այս շրջանակներէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել զարգացման ծրագրեր՝ արտադրութեան ծաւալի աճին զուգահեռ։

Հարկ է նշել, որ Էտուարտօ Էռնէքեան նուաճած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսի կոչումը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019