WCIT 2019 YEREVAN
Այս առաւօտ Երեւանի մէջ սկսաւ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը (WCIT), որ կը կազմակերպուի 23-րդ անգամ։ Հարկ է նշել, որ WCIT-ը տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ոլորտի համաշխարհային խոշորագոյն իրադարձութիւնն է։ Այս տարի այս համաժողովը կը կազմակերպուի Երեւանի մէջ, ինչ որ շատ լայն արձագանգ ստեղծած է։ Այս համաժողովին առթիւ Հայաստան մեկնած են աշխարհի 70 երկիրներէն աւելի քան 2500 առաջնորդներ, նորարարներ, քաղաքական գործիչներ, հետազօտողներ, արուեստի եւ այլ բնագաւառներու աստղեր։
Համագումարի սկիզբը ազդարարուեցաւ երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած մեծ համերգով։ Այս երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
30 հայ եւ 70 արտասահմանցի երաժիշտէ բաղկացած WCIT-ի համաշխարհային նուագախումբի երաժշտական կատարումները ունկնդրուեցան հետաքրքրութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս առթիւ հնչեցին հանրայայտ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները։ Անոնց շարքին էին Արամ Խաչատուրեանի, Տիգրան Մանսուրեանի նման աշխարհահռչակ անուններ։ Նուագախումբը համաշխարհային փրաթիքի մէջ առաջին անգամ նաեւ կատարեց արհեստական բանականութեամբ օժտուած ծրագրի մը կողմէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան վերլուծութեան հիման վրայ ստեղծուած նոր հայկական շարական մը։ Ստեղծագործութիւնը արհեստական բանականութեան կողմէ իրական ժամանակի մէջ ներկայացուած էր նուագախումբին եւ կատարուած՝ երաժիշտներու կողմէ։ Համերգը ղեկավարեց Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սերկէյ Սմբատեան։ Նուագախումբի հետ հանդէս եկաւ միջազգային համբաւի տէր DJ Արմին ֆան Պիւրեն։
Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ հոկտեմբերի 9-ը՝ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։