ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Պէյ­րու­թի մէջ  այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Լի­բա­նա­նի նորըն­տիր նա­խա­գահ Մի­շէլ Աու­նին։ Տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան ա­պարան­քին մէջ։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կող­քին էին Լի­բա­նա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հէ Եպսկ. Փա­նո­սեան եւ Ան­թի­լիա­սի կա­թո­ղի­կոսա­նիստ տա­ճա­րի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Նո­րայր Եպսկ. Ա­շը­քեան։

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րեց նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը, մաղ­թեց, որ ա­նոր ընտ­րու­թեամբ՝ ներ­քին միաս­նա­կա­նու­թեան, տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց փայ­լուն նոր էջ մը բա­ցուի Լի­բա­նա­նի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ դի­մագ­րա­ւուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ քրիս­տո­նէու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու։ Զրու­ցա­կից­նե­րը շեշ­տե­ցին նաեւ լի­բա­նա­նեան սփիւռ­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու եւ Լի­բա­նա­նի ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թեան նոր մղում մը տա­լու հրա­մա­յա­կա­նին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016