ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պեռնինիի դպրոց. հռոմէական պարոք» ցուցահանդէսը։ Այս ձեռնարկը եւրոպական պարոք արուեստի բացառիկ ցուցադրութիւններէն մին է Հայաստանի մէջ։ Ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու Իտալիոյ Արիչչա քաղաքի Փալացցօ Կիճի թանգարանէն ներս ի պահ դրուած պարոք դպրոցի վարպետներու գեղանկարներուն, էսքիզներուն եւ տեքորաթիւ արուեստի նմոյշներուն։

Հարկ է նշել, որ երէկ այս ցուցահանդէսը շրջեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկինը՝ Նունէ Սարգսեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018