«ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ՀԱՐԹ ՈՒ ՍԱՀՈՒՆ ՉԷ»

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Եդուարդ Աղաճանեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ այն եռակողմանի շփումներուն, որոնք Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ յառաջ կը տարուին։ Այս առթիւ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութեան։ «Ճանապարհը հարթ ու սահուն չէ», նշեց Աղաճանեան։

Խորհրդարանէ ներս մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց. «Համանախագահ երկիրներն ու անոնց ներկայացուցիչները կը փորձեն գտնել երկուստեք ընդունելի լուծումներ ու այս ճանապարհը հարթ, սահուն եւ դիւրին չէ։ Այս պահուն կարեւորագոյն արձանագրումն է, որ աշխատանքները կը շարունակուին։ Սա լաւագոյն ապացոյցն է, որ բոլոր երկիրները շահագրգռուած են, որպէսզի հարցը լուծուի ու երթան երկուստեք ընդունելի տարբերակներու»։

Լրագրողներ հարց տուին, որ փոխադարձաբար մերժելի խնդիրը ո՞րն է։ Ի պատասխան՝ Աղաճանեան նշեց, որ աշխատանքային խումբը հաղորդակցութիւններու վերաբացման գործառոյթներու շրջանակին մէջ կ՚աշխատի եւ քննարկուած հարցերը տուեալ ոլորտին կը վերաբերին։ Իր խօսքով, կողմերու իւրաքանչիւրը կը փորձէ առաւել արդիւնաւէտ եւ աւելի շահեկան դուրս գալ այդ քննարկումներէն։ Այդ իսկ քննարկումներու արդիւնքով պէտք է ի յայտ գան այն ընդհանրական կէտերը, որոնց շուրջ պիտի իրականացուի փոխադարձաբար համաձայնեցուելիք վերջնական տարբերակը։

Բաց աստի, Աղաճանեան դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին մէջ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան ետքայլ պիտի չընէ իր դիրքորոշումէն՝ մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակին մէջ հարցի լուծման նկատմամբ հաւատարիմ մնալու վերաբերեալ։ Ան համոզուած է, թէ սոյն հանգամանքը պէտք է կարեւորուի նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական խօսոյթին մէջ։ Արդարեւ, այս դիրքորոշումը կը բաժնեն միջազգային հանրութեան գրեթէ բոլոր կարեւոր տարրերը՝ մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները, ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւնները։ Ուստի, սա կարեւոր հանգամանք մըն է։

Անդրադառնալով սահմանային անվտանգութեան, Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու առկայ լարուածութեան, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ քաղաքացիական անձերու սպանութիւններուն՝ Աղաճանեան նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚օգտագործէ բոլոր հնարաւոր միջոցները, որպէսզի լիցքաթափում տեղի ունենայ եւ նման դէպքերը բացառուին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021