ՅԱՐԱՏԵՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց՝ փրոֆ. Ազիզ Սանճարը, որ Նոպելի տարրաբանութեան մրցանակը նուաճած է։ Թուրք գիտնականը վերջին օրերուն կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ։ Պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշի քաղաքը այցելելէ վերջ ան անցած է Պաքու։

Մինչ այդ, Իլհամ Ալիեւ երկրի խումբ մը քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ կ՚ակնկալէ Հայաստանէն ժամկէտներ ստանալ, թէ ե՛րբ պիտի գործարկուի «Զանգեզուրի միջանցք»ը։ Ան ըսաւ. «Հայաստանն ու ամբողջ աշխարհը տեսան, որ ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել մեզ։ Պատերազմի ժամանակ կային ուժեր, որոնք կը փորձէին կանգնեցնել մեզ։ Անոնք բաւական ուժեղ շրջանակներ էին, սակայն չկարողացան։ Ես կ՚ըսէի, որ մեզի յայտնեն ամսաթիւը, թէ երբ կ՚ազատեն մեր հողերը եւ մենք կը դադրեցնենք։ Այսօր նոյնը կ՚ըսեմ։ Նշեցէք ամսաթիւը, թէ ե՛րբ պիտի բացուի Զանգեզուրի միջանցքը։ Եւ այդ պարագային որեւէ խնդիր չ՚ըլլար»։ Բաց աստի, Ալիեւ նշած է, որ իրենք իրենց ուզած նպատակներուն կը հասնին։ «Լաւ կ՚ըլլար, եթէ այդ հարցը լուծուէր շինիչ ճանապարհով, բանակցութիւններու եւ փոխըմբռնման եղանակով», աւելցուց ան։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Քարէն Տոնֆրիտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի ներկայ իրավիճակին շուրջ՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան յետպատերազմեան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով բանակցութիւններու ընթացիկ կացութիւնը։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021