ՓՈՒԹԻՆ-ՄՈՏԻ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ 2019 թուականէն ի վեր սա երկու ղեկավարներու առաջին անձնական շփումն էր։ Բանակցութիւններու հիման վրայ հրապարակուած համատեղ փաստաթուղթին մէջ Ռուսաստան եւ Հնդկաստան հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ռազմավարական գործընկերութեան նկատմամբ, որ կը շարունակուի՝ համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան հիմքով։

Ռազմաթեքնիք համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու անդրադառնալու առընթեր, Փութին եւ Մոտի աչքէ անցուցին Աֆղանիստանի եւ Սուրիոյ իրավիճակը եւ համաձայն գտնուեցան ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարելու համար։

Հարկ է նշել, որ այսօր նախատեսուած է Փութինի տեսաժողովը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Միջազգային առկայ հաւասարակշռութիւններու լոյսին տակ սա շատ կարեւոր շփում մըն է, որու ընդառաջ Պայտըն նաեւ եւրոպացի գործընկերներու տրամադրութիւնը կը շօշափէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021