ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՉԻ ԲԱՑԱՌՈՒԻՐ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՇՓՈՒՄ ՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ

Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Աղաճանեան յայտարարեց, որ մինչեւ տարեվերջ չի բացառուիր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը։ Երէկ, խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Աղաճանեան տեղեկացուց, որ Երեւան ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ Պաքուի առաջարկները։ Այս վերջինները արձագանգն են հայկական կողմի առաջարկներուն։ Այսպէսով կը քննարկուի առաջարկներու երկրորդ փուլը։ Աղաճանեան մանրամասնութիւններ չներկայացուց այս խորհրդապահական քննարկումներուն կապակցութեամբ։ Հարցումի մը պատասխանելով ան յայտնեց, որ չի բացառուիր մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կամ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Էտուարտ Աղաճանեան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութիւնը այս պահու դրութեամբ ճգնաժամային է։ «Այդ երեք պետութիւնները խնդիր ունին այսօր սեղանի մը շուրջ նստելու, տակաւին չեմ խօսիր բովանդակային, քաղաքական, շինիչ միջավայրի մէջ հարցեր քննարկելու մասին», ըսաւ ան։

Նկատի ունենալով, որ շաբաթավերջին Ատրպէյճան փորձեց փակել Լաչինի միջանցքը եւ որոշ բանակցութիւններէ վերջ հնարաւոր եղաւ այդ հարցը լուծել՝ լրագրողներ Աղաճանեանի կարծիքը շօշափեցին նաեւ այս ուղղութեամբ։ Ի պատասխան՝ ան ըսաւ. «Ռուս խաղաղապահներուն հետ պէտք է ընենք առաւելագոյնը, որպէսզի Լաչինի միջանցքի դէպքը չկրկնուի»։

Ան յայտնեց, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան համապատասխան կէտին մէջ արձանագրուած է, թէ Լաչինի միջանցքը պէտք է գործէ միայն ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ եւ Հայաստան-Արցախ կապը պէտք է ըլլայ անխոչընդոտ։ «Այս համատեսքին մէջ որեւէ խոչընդոտող երեւոյթ կամ մանրամասնութիւն անընդունելի է մեզի համար։ Այն, ինչ տեղի ունեցած է քանի մը օր առաջ Լաչինի միջանցքի տարածքին մէջ եւ արդիւնքին զայն գործնականօրէն փակուած է, բնականաբար, խնդրայարոյց է», ըսաւ Աղաճանեան։

Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ Աղաճանեան անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու այժմու շփումներուն վերաբերեալ այլ հանգամանքներու։ «Ատրպէյճանի մէջ չեն յայտարարած, որ խաղաղութեան պայմանագրի մասին Հայաստանի երկրորդ առաջարկը ընդունելի չէ», ըսաւ ան։ Ըստ Աղաճանեանի, քանի տակաւին թեքստը աշխատանքային փուլի մէջ է, անոր ընդունելի ըլլալուն կամ չըլլալուն վերաբերեալ որեւէ դիրքորոշում վաղ կը համարուի։ «Առաջարկը, որ մենք ստացած ենք, հաւանական փաստաթուղթի մշակման գործնական ընթացքն է։ Այսինքն, ի սկզբանէ Ատրպէյճանէն մենք առաջարկներ ստացած էինք եւ ի պատասխան նոյն առաջարկներուն շուրջ մեր լրացուած տարբերակը ուղարկած էինք՝ մեր առաջարկները։ Վերջին շրջանին չէ եղած որեւէ յայտարարութիւն, թէ չեն ընդունիր մեր առաջարկները», եզրակացուց ան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022