ՆՈՐ ՓՈՒԼԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած՝ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Այս ասուլիսը միեւնոյն ժամանակ իր նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկն էր։ «Իսթանպուլցին պիտի ուզէ, մենք պիտի ընենք։ Իսթանպուլը պիտի լսենք, սակայն բաց աչքերով՝ ո՛չ թէ փակ։ Իսթանպուլի տեսնող աչքը, մտածող միտքը, զգացող սիրտը ըլլալ պիտի շարունակենք», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Եըլտըրըմ ընդգծեց, որ Իսթանպուլի գլխաւոր հարցն է փոխադրութիւնն ու երթեւեկը։ Պինալը Եըլտըրըմ, որ «Ճումհուր» դաշինքին ալ թեկնածուն է, համոզուած է, թէ Իսթանպուլի երթեւեկի խնդիրը անկարելի է լուծել հարիւր տոկոսով։ «Նման խոստումներ տուողներուն մի՛ հաւատաք», ըսած է Եըլտըրըմ եւ աւելցուցած՝ որ փոխադրութեան պարագային պիտի ապահովեն ամբողջական համարկում։

Պինալի Եըլտըրըմ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ երկրաշարժի պարագային ձեռք առնուելիք նախազգուշական միջոցներուն։ «Երկրաշարժի վերաբերեալ վերափոխումներու պարագային հանդուրժող պիտի չըլլանք։ Այդ բաները պիտի ընենք, եթէ նոյնիսկ քաղաքացիները դէմ ըլլան։ Սա մեր անհրաժեշտութիւնն է», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ եւ աւելցուց, որ իր ընտրուելու պարագային՝ Իսթանպուլի Քաղաքապետական խորհուրդի օրակարգի ամենակարեւոր նիւթը պիտի չըլլայ քաղաքաշինութեան ծրագրի վերանայումը։ «Բոլոր սխալները կը ծնին այստեղէն», ըսաւ Եըլտըրըմ։

Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Իսթանպուլի վերջին 25 տարիներու պատասխանատուութիւնը վիճակած է ԱՔ կուսակցութեան տեղական ինքնակառավարման առումով։ Ուստի, կուսակցութիւնը մեծ փորձառութեան մը տէրն է։ Աշխարհ կը փոխուի, Իսթանպուլն ալ կը փոխուի։ Անցեալ ընտրութիւններու ժամանակ որդեգրուած առաջնահերթութիւնները այժմ փոխուած են։ Իսթանպուլի պարագային այժմ նոր տեսլական մը խնդրոյ առարկայ է։ Սա կ՚ենթադրէ ժամանակաշրջան մը, երբ ամէն ինչ պիտի խրախուսուի տեղակատուութեան ու հաղորդակցութեան փորձագիտութիւններով։

«Այս ընտրութիւնները հանրաքուէի մը վերածելը, ընդհանուր ընտրութեան մը մթնոլորտին մէջ մտնելը Իսթանպուլի տեսակէտէ լաւութիւն չ՚ըլլար։ Ուստի, մեր նախընտրական արշաւին տեւողութեան պիտի մնանք այս գետնին վրայ։ Կը յուսամ, թէ միւս կուսակցութիւնները կամ դաշինքներն ալ նոյն զգայնութիւնը կը ցուցաբերեն», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ եւ աւելցուց, որ եթէ ունենար վախեր, ապա թեկնածու չէր հանդիսանար։

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019