ՎՃՌԱԿԱՄ ԸՆԹԱՑՔ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայ-յիպ Էրտողան յօդուած մը գրի առաւ The New York Times նշանաւոր թերթին համար։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ Թուրքիա վճռակամ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ։

Էրտողան յօդուածին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշման՝ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերը դուրս բերելու ուղղութեամբ։ Ըստ Էրտողանի, այս որոշումը տալով Թրամփ ճիշդ քայլ մը առած է, սակայն զօրքերու դուրս բերուիլը պէտք է ուշադիր ձեւով ծրագրաւորուի ու պէտք է կեանքի կոչուի Թուրքիոյ նման ճիշդ գործընկերներու հետ։ 

Էրտողանի այս յօդուածի հրապարակումը համընկնեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի Անգարա այցելութեան օրուան։ Թրքական կողմը երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէ այս այցին։ Նախագահ Էրտողանն ալ Ճոն Պոլթընի շփումներու մեկնարկին զուգահեռ ընդգծած է, որ Թուրքիա կը ձգտի Սուրիայէ ներս կեանքի կոչել ծաւալուն ռազմավարութիւն մը եւ այնտեղ անհրաժեշտ քայլերը առնելու պատրաստ է։

Յօդուածին մէջ Էրտողան յիշեցուցած է, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծ բանակի տէրն է։ Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պարտականութիւնը կատարելու ի զօրու եւ վճռակամ միակ երկիրն է։ «Յաղթանակը երբեք ահաբեկիչներունը պիտի չըլլայ։ Թուրքիա պիտի շարունակէ անհրաժեշտ քայլերը առնել  թէ՛ իր անվտանգութեան եւ թէ միջազգային հաւաքականութեան լաւութեան համար», նշած է նախագահ Էրտողան։

Նոյն յօդուածին մէջ նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ այլ կէտի մը շուրջ։ Այսպէս, ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ռազմական առումով պարտութեան մատնուած է Սուրիոյ մէջ։ Սակայն շարք մը արտաքին ուժեր կը ջանան Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտել՝ պատրուակելով այդ կազմակերպութեան մնացորդացը։ Թուրքիա ծայր աստիճան մտահոգ է այս հաւանականութենէն։

Նախագահ Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիա կը փափաքի այս գործընթացի վերաբերեալ բոլոր քայլերը առնել բարեկամ ու դաշնակից երկիրներու հետ համագործակցութեամբ եւ համակարգմամբ։ Ժընեւի եւ Աստանայի գործընթացներու մասնակից երկիր մըն է Թուրքիան, որ թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Ռուսաստանի հետ նոյնաժամանակ աշխատելու ի վիճակի միակ երկիրն է։ «Այս գործընկերութիւններու հիման վրայ պիտի կարգաւորենք Սուրիոյ խնդիրը», նշած է Էրտողան յօդուածին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019