ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին խորհրդակցեցան Աֆրինի եւ Իտլիպի իրադարձութիւններուն, Սուրիոյ ընդհանուր վիճակին շուրջ։

Երբ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները թեւակոխած են քսաներորդ օրը՝ Անգարայի ղեկավարութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ համապատասխան զարգացումներուն վրայ եւ տարածքաշրջանի երկիրներուն հետ կը պահուի անմիջական շփում։

Այս պայմաններուն ներքեւ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Երկու նախարարները խորհրդակցեցան «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ընթացքին, Սուրիոյ եւ տարածքաշրջանի միւս երկիրներու իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սոչիի եւ Ասթանայի գործընթացներուն կապակցութեամբ։ Չավուշօղլու եւ Զարիֆ կանգ առին նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին վրայ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018