ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ ԱՍԼԱՄԱԶԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Կիւմրիին նուիրած գումարով կը վերանորոգուի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահը: Այս պահուն ընթացքի մէջ են նախահաշուային ծրարի կազմման աշխատանքները:

Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց պատկերասրահի տնօրէն Վահագն Ղուկասեան: Աշխատանքները կ՚իրականացուին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ «Կիւմրիի օր» տօնակատարութեան ժամանակ Կիւմրիին նուիրած 100 միլիոն դրամ գումարի շրջանակէն ներս: Այդ գումարով նախապէս որոշուած էր Կիւմրիի Աբովեան ճեմափողոցին մէջ 12 արձանախումբ տեղադրել, սակայն հանրային բաց քննարկումներու արդիւնքին քաղաքային իշխանութիւնները որոշեցին այդ գումարը աւելի նպատակային ծախսել՝ տրամադրելով նոյն ճեմափողոցին մէջ գտնուող Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահի շէնքի վերանորոգման։

Գումարով կ՚իրականացուին ջեռուցման համակարգի տեղադրման, կոյուղիի, բակի վերականգնման, պատշգամի նորոգման, ներքին յարդարման աշխատանքներ: Արուեստագիտուհիներու պատկերասրահի համար կը գտնուին նաեւ ժամանակակից սարքաւորումներ, կը տպագրուի պատկերագիրք: Սակայն պատկերասրահի տնօրէնը ամենակարեւորը կը համարէ տրենաժային համակարգի ստեղծումը, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ այսուհետեւ խուսափելու մշտապէս առկայ խոնաւութենէն: «2004 թուականին շէնքը ամբողջովին վերանորոգուած էր, սակայն ջրահեռացման համակարգ չունենալու պատճառով յառաջացած խոնաւութիւնը շէնքը կրկին վերանորոգելու խնդրի առջեւ կանգնեցուցած է», նշեց Վահագն Ղուկասեան:

Որոշակի ձեւափոխութեան կ՚ենթարկուի բակը, ան կը սալապատուի եւ կ՚ունենայ փոքրիկ ամառնային ցուցասրահ, իսկ վթարային դարձած պատշգամը կը նորոգուի՝ պահպանելով նախկին տեսքը: Կը լուծուի նաեւ չցուցադրուող շուրջ 200 նկարի ցուցանակներու հարցը։

Պատկերասրահը Կիւմրիի մէջ կը գործէ 1987 թուականի Նոյեմբերի 7-էն ի վեր: Մարիամ Ասլամազեանի 70-ամեակի կապակցութեամբ՝ Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերը կիւմրեցիներուն նուիրեցին իրենց աշխատանքներէն շուրջ 620 բնօրինակ, իսկ շէնքը տրամադրեցին քաղաքային իշխանութիւնները: Պատկերասրահը երկյարկանի է: Առաջին յարկին կը ցուցադրուին Երանուհի Ասլամազեանի, իսկ երկրորդ յարկին՝ Մարիամ Ասլամազեանի գործերը: Պատկերասրահին մէջ կը պահպանուին եւ կը ցուցադրուին Ասլամազեան քոյրերու գեղանկարչական, կրաֆիքական եւ խեցեգործական աշխատանքները:

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018